2014-12-22 10:09:47

Ս. Երկրի Պահակին ծննդեան պատգամը` ''Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին մեր սրտերը բանանք յոյսին։


(Ռ.Վ. 22 դեկտեմբեր 2014) Էմմանուէլին մարդեղութիւնը, ծնունդը` հրաւէր մըն է լայնօրէն բանալու մեր սրտերը յոյսին, արդարութեան ու սիրոյ, կը գրէ Ս. Երկրի Պահակը` ֆրանչիսկեան հայր Փիցապալլա, սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ յղած իր պատգամին մէջ։
''Մեր աչքերը խոշոր բանանք ու հիանանք Էմմանուէլի ներկայութեան մեր մէջ, հակառակ մեզ շրջապատող ողբերգութիւններու ալիքին։ Արթուն մնանք ու հսկենք։ Իրապաշտ ըլլանք։ Պիտի չկարողանանք աշխարհի ճակատագիրը փոխել, սակայն ոչ ոք կարող է մեզմէ գողնալ տրուած արժանաւորութիւնը։ Ոչ ոք կարող է մեր սրտէն խլել սէրն ու յոյսը'', կը հաստատէ Ս. Երկրի Պահակը եւ կը յիշեցնէ որ ''Քրիստոս եւս ծարաւը ունի Միջին Արեւելքի արդարութեան, արժանաւորութեան, ճշմարտութեան ու սիրոյն''։
Հերովդէսի նման սխալ փնտռտուք չկատարենք, այլ մոգերու հետքերուն վրայ քալենք։ Զմայլացած Բեթղեհէմի հովիւներու նման երթանք երկրպագենք Մանուկին եւ չանսանք աշխարհի վախերուն, այլ հրեշտակներու հետ փրկութեան աւետիսի երգին` ’’Փառք Աստուծոյ ` բարձունքներուն մէջ, եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ, բարեացակամ մարդերուն’’։ '
'Ամէնքս` հակառակ դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն կանչուած ենք յոյսի, որովհետեւ քաջատեղեակ ենք որ Տէրը միշտ հաւատարիմ է իր խոստումներուն։ Ան կ’ուզէ մեր սրտին մէջ բնակութիւն հաստատել'' գրած է հայր Փիցապալլա։








All the contents on this site are copyrighted ©.